2012-09-07 12:38:26

Ռազմուսէն-Սարգսեան Հանդիպումը։ ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական Ցոյց` Նախագահական Նստավայրին Դիմաց Ռազմուսէնի Նստավայր Ժամանելու Ժամանակ։ Գուրգէն ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ-ի Անունով Դպրոց ։


ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռազմուսենի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Հայաստան ականատես եղաւ «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրի հիմնական` արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան միջոցով խաղաղութեան հաստատման եւ այլ սկզբունքներու կոպիտ ոտնահարման: Ատիկա, սակայն, ըստ Սերժ Սարգսեանի, պէտք չէ ազդէ Հայաստան – ՕԹԱՆ յարաբերութիւններուն վրայ:
«Աշխարհի որեւէ երկրի մէջ ներում շնորհելուն չի յաջորդեր խրախուսանք, ներում շնորհուածին չեն պարգեւատրեր: Աշխարհի որեւէ երկրի մէջ ոճրագործութեան համար պատիժ կրելը չի նկատուիր աշխատանք կամ ծառայութիւն: Բայց զայն վարձատրեցին աշխատանքի համար, աշխատավարձ վճարեցին եւ կոչում շնորհեցին: Ասիկա է խնդիրը», ըսաւ նախագահը:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Սաֆարովի հերոսացումը Ազրպէյճանի մէջ տեղի կ՛ունենար ապշեցուցիչ բացայայտ շնականութեամբ եւ միջազգային չափանիշերու ոտնահարումով:
Իսկ Անտերս Ֆոկ Ռազմուսեն վերահաստատեց իր խոր մտահոգութիւնը Ազրպէյճանի որոշման հետ կապուած` ներում շնորհել ոճրագործին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս վաղը Պաքուի մէջ պիտի սեղմէ ներման հրամանագիրը ստորագրած նախագահին ձեռքը, Ռասմուսեն նշեց, որ Ալիեւին պիտի փոխանցէ պարզ ուղերձ մը, որ այդ ահաւոր եւ ողբերգական միջադէպը ոճրագործութիւն է, որ պէտք չէ փառաբանուի:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը Հայաստան-ՕԹԱՆ յարաբերութիւնները բարձր գնահատեց, մատնացոյց ընելով Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ Հայաստանի առաքելութիւնները:
Երէկ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռազմուսենի նախագահական նստավայր ժամանելուն ժամանակ, զայն «դիմաւորեցին» ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու երիտասարդները:
Անոնք անգլերէնով կը վանկարկէին «Արդարութիւն»:

Դպրոց՝ Գուրգէն ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ Անունով
Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Արտամէտ համայնքի (Բաղրամեանի տարածաշրջան) միջնակարգ դպրոցը պիտի կրէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի անունը: Այդ որոշումը տրուած է 6 Սեպտեմբերին՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.